Երգ Երգոց
7
ՄԱՐԴԸ
1Ի՜նչ գեղեցիկ են քու քայլերդ կօշիկներով, Ով իշխանի աղջիկ. Քու բարձերուդ կազմուածքը Երևելի արուեստաւորի մը ձեռքով շինուած Մանեակներու կը նմանի։ 2Քու պորտդ ըմպելիքով լեցուն բոլորակ թասի մը կը նմանի. Քու փորդ շուշանով պատած ցորենի շեղջին պէս է։ 3Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը երկուորեակ ծնած են։ 4Պարանոցդ փղոսկրէ աշտարակի պէս է. Աչքերդ Եսեբոն՝ Բաթրաբբիմի դրանը քով եղող աւազաններուն կը նմանին. Ունչդ դէպ ի Դամասկոս նայող Լիբանանի աշտարակին պէս է։ 5Գլուխդ քու վրադ Կարմեղոսի պէս, Եւ գլխուդ հիւսուածը ծիրանիի պէս է. Թագաւորը քու խոպոպիքներուդ կապուած է։ 6Ո՛րչափ գեղեցիկ և ո՛րչափ քաղցր ես, Իմ փափկալից սիրուհիս։ 7Քու հասակդ արմաւենիի Ու ստինքներդ ողկոյզներու կը նմանին։ 8Ըսի, Արմաւենիին վրայ ելլեմ, Անոր ոստերուն փակչիմ. Եւ քու ստինքներդ խաղողի ողկոյզներու պէս, Ու ռնգունքներուդ հոտը խնձորներու հոտին պէս ըլլայ։ 9Եւ քու քիմքդ ազնիւ գինիի պէս է, Որ շիտակ կը վազէ իմ սիրականիս, Ու քնացողներուն շրթունքները կը խօսեցնէ*։
ԿԻՆԸ
10Ես իմ սիրականիսն եմ, Եւ անոր բաղձանքը ինծի է։ 11Եկուր, իմ սիրականս, դաշտը ելլենք, Գիշերը գեղերու մէջ անցնենք. 12Առտուանց կանուխ այգիները երթանք, Ու տեսնենք թէ որթը ծլե՞ր է, ծաղիկը բացուե՞ր է, Եւ նռնենիները ծաղկե՞ր են. Հոն իմ սէրս քեզի տամ։ 13Մանրագորները իրենց հոտը կու տան, Ու մեր դռներուն մէջ, Ամէն ընտիր պտուղներէն, թէ՛ նոր և թէ՛ հին, Քեզի համար պահեր եմ, ով իմ սիրականս։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981