Երգ Երգոց
8
1Երանի՛ թէ իմ մօրս ստինքը ծծած եղբօրս պէս ըլլայիր, Երբ քեզ դուրսը գտնէի, պիտի համբուրէի, Եւ զիս պիտի չանարգէին։ 2Քեզ առաջնորդելով իմ մօրս տունը կը տանէի, Որպէս զի ինծի սորվեցնես, Քեզի հոտաւէտ գինիէն, իմ նռնենիիս օշարակէն, կը խմցնէի։ 3Ձախ ձեռքը գլխուս տակ, Ու աջ ձեռքը զիս կը գրկէր։
ՄԱՐԴԸ
4Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդըմնցնեմ, Որ իմ սիրուհիս չարթնցնէք ու չվերցնէք, Մինչև որ ինք չուզէ։ ԿԻՆԵՐԸ
Վեցերորդ երգ
5Ով է ասիկա որ իր սիրականին կռթնած՝ Անապատէն կ’ելլէ, Քեզ խնձորենիին տակ արթնցուցի. Քու մայրդ քեզ հոն ծնաւ, Քու ծնողդ քեզ հոն ծնաւ։
ԿԻՆԸ
6Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս, Քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս, դիր. Վասն զի սէրը մահուան պէս զօրաւոր Ու նախանձը գերեզմանի պէս խիստ է. Անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։ 7Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել, Ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել, Եթե մարդ մը սիրոյ փոխարէն իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ, Զանիկա բոլորովին կ’անարգեն։
ԿՆՈՋ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
8Պզտիկ քոյր մը ունինք, Ու անիկա ստինք չունի. Մեր քրոջը ի՞նչ ընենք Անոր համար խօսուած օրը։ 9Եթե անիկա պարիսպ է, Վրան արծաթէ աշտարակ մը շինենք. Եւ եթէ դուռ է, Զանիկա եղևնափայտի տախտակներով պատենք։
ԿԻՆԸ
10Ես պարիսպ եմ, Ու իմ ստինքներս աշտարակներու պէս են. Այս պատճառաւ անոր առջև Խաղաղութիւն գտածի պէս եղայ։
ՄԱՐԴԸ
11Սողոմոն Բաաղամոնի մէջ այգի ուներ. Անիկա այգին պահապաններու տուաւ, Ամէն մէկը անոր պտուղին համար հազար կտոր արծաթ կը բերէր։ 12Իմ այգիս իմ առջևս է, Ով Սողոմոն, հազարը քուկդ ըլլայ, Ու երկու հարիւրը անոր պտուղը պահպանողներուն։ 13Ով պարտէզներու մէջ նստող, Ընկերները քու ձայնդ կը լսեն, Ինծի ալ լսել տուր։
ԿԻՆԸ
14Շուտ ըրէ, ով իմ սիրականս, Ու խնկաբեր լեռներուն վրայ Այծեամի կամ եղնիկներու ձագի նման եղիր։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981