Տիտոս
1
1Պօղոս, Աստուծոյ ծառայ և Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ, Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքին ու աստուածպաշտութեան հետ կից եղող ճշմարտութեան գիտութեանը համեմատ, 2Յաւիտենական կեանքի յուսովը, զոր ինք անսուտն Աստուած խոստացաւ յաւիտենական դարերէն առաջ, 3Բայց իր խօսքը իր ժամանակին յայտնեց քարոզութիւնով, որ ինծի յանձնուեցաւ մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանովը, 4Տիտոսի իմ հարազատ որդւոյս հասարակաց հաւատքովը` շնորհք և խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու մեր Փրկչէն, Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
Տիտոսին գործը Կրետէի մէջ
5Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որ ինչ պակաս բան որ կայ, շիտկես, ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի. 6Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան: 7Վասն զի եպիսկոպոսին պէտք է անմեղադրելի ըլլալ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ոչ յանդուգն, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ անարգ շահախնդրութեան ետևէ եղող, 8Հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ, 9Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել, և հակառակ կեցողները յանդիմանել: 10Քանզի շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու միտք խաբողները, մանաւանդ անոնք որ թլփատութենէն են. 11Զորոնք պէտք է պապանձեցնել, որոնք ամբողջ տուներ կը կործանեն, ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնեն անարգ շահախնդրութեան համար. 12Անոնցմէ մէկը զրուցեց, որ իրենց բուն մարգարեն էր, Կրետացիները միշտ սուտզրոյց են, չար գազաններ, դատարկապորտներ: 13Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. անոր համար սաստիկ յանդիմանէ զանոնք, որպէս զի առողջանան հաւատքին մէջ. 14Ու չնային Հրէական առասպելներուն և ճշմարտութենէն հեռացող մարդոց պատուէրներուն: 15Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա°ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ խըղճմտանքն ալ պղծուած են: 16Կը խոստովանին թէ զԱստուած կը ճանչնան, և իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալովնին, և ամէն բարի գործի անպիտան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981