Տիտոս

2

Ողջամիտ վարդապետութիւն

1Բայց դուն խօսէ ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեանը. 2Ծերերուն զգաստ ըլլալ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ` հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով: 3Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ոչ բանսարկու ըլլալ, ոչ գինեմոլ, հապա խրատ տուող. 4Որ խրատեն նորահասակ կիները` այրերնին սիրող, զաւակներնին սիրող ըլլալ, 5Խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքը հայհոյուի: 6Նոյնպէս ալ երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ: 7Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն, պարկեշտութիւն, 8Ողջամիտ ու անմեղադրելի , որպէս զի հակառակ կեցողը ամչնայ, ու մեր վրայով գէշ բան մը չունենայ ըսելու: 9Ծառաներուն սորվեցուր իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլալ, և ամէն բանի մէջ հաճելի. ոչ հակառակախօսներ, 10Ոչ խորողներ, հապա բոլորովին բարի հաւատարմութիւն ցուցնեն, որպէս զի մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն: 11Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երևցաւ. 12Որ մեզ կը խրատէ` որ ամբարշտութիւնը ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք, և զգաստութիւնով ու արդարութիւնով և բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհին մէջ: 13Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին, և մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի փառքին յայտնուելուն. 14Որ իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ, ու մաքրէ իրեն սեպհական ընէ` բարի գործերու նախանձաւոր: 15Այդ բաները խօսէ և յորդորէ ու յանդիմանէ բոլորովին սաստելով. չըլլայ որ մէկը քեզ անարգէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981