Զաքարիա մարգարեյի գիրք
1
Աստուած ժողովուրդը իրեն դառնալու կը կանչէ
1Դարեհի երկրորդ տարին ութերորդ ամիսը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդւոյն Բարաքիայի որդւոյն Զաքարիա մարգարէին եղաւ` ըսելով, 2Տէրը ձեր հայրերուն խիստ բարկացաւ: 3Ու անոնց ըսես, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ինծի դարձէք, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 4Ձեր հայրերուն պէս մի ըլլաք, Որոնց առաջուան մարգարէները կը կանչէին` ըսելով, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր չար ճամբաներէն ու չար գործերէն դարձէք, Բայց անոնք մտիկ չըրին Ու ինծի ականջ չտուին, կ’ըսէ Տէրը: 5Ձեր հայրերը ո՞ւր են. Ու մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն, 6Սակայն իմ խօսքերս ու հրամաններս Զորոնք իմ ծառաներուս, մարգարէներուն, պատուիրեր էի, Ձեր հայրերուն չհասա՞ն. Իսկ անոնք դարձան ու ըսին, Զօրաց Տէրը ինչ որ մեզի ընելու որոշեր էր, Մեր ճամբաներուն ու գործերուն համեմատ, Զանիկա մեր վրայ ի գործ դրաւ:
Ձիերու տեսիլքը
7Դարեհի երկրորդ տարին, մետասաներորդ ամսուն, այսինքն Սեբաթ ամսուն, քսանըչորսերորդ օրը Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդւոյն Բարաքիայի որդւոյն Զաքարիա մարգարէին եղաւ` ըսելով, 8Գիշերով տեսայ որ ահա աշխէտ ձիու վրայ հեծած մարդ մը ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կը կայնէր, ու անոր ետևը աշխէտ, պիսակ ու ճերմակ ձիեր կային: 9Ու ըսի, Ասոնք ի՞նչ են, ով տէր իմ, ու ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ, Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի պիտի ցուցնեմ: 10Եւ մրտենիներուն մէջ կայնող մարդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ասոնք անոնք են` զորոնք Տէրը ղրկեց երկիրը պտըտելու համար: 11Ու մրտենիներուն մէջ կայնող Տէրոջը հրեշտակին պատասխան տուին ու ըսին, Երկիրը պտըտեցանք, և ահա բոլոր երկիրը հանգըստութեամբ կը նստի: 12Եւ Տէրոջը հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ով զօրաց Տէր, մինչև ե՞րբ չես ողորմիր Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն, որոնց այս եօթանասուն տարին բարկացար: 13Եւ Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխան տուաւ: 14Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ, Կանչէ ու ըսէ, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համար Մեծ նախանձով կը նախանձիմ. 15Եւ հանգիստ եղող ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ, Քանզի ես քիչ բարկացայ, Ու անոնք չարիքը աւելցուցին: 16Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Երուսաղէմի ողորմութեամբ դարձայ. Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Ու Երուսաղէմի վրայ լար պիտի քաշուի: 17Դարձեալ կանչէ ու ըսէ, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իմ քաղաքներս նորէն բարիքներով պիտի յորդին, Եւ Տէրը նորէն Սիօնը պիտի մխիթարէ, Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ:
Եղջիւրներու տեսիլքը
18Եւ աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, և ահա չորս եղջիւր: 19Ու ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի, Ասոնք ի՞նչ են. ու ինծի ըսաւ, Ասոնք են այն եղջիւրները` որոնք Յուդան, Իսրայէլը ու Երուսաղէմը ցրուեցին: 20Եւ Տէրը ինծի չորս արուեստաւոր ցուցուց: 21Ու ըսի, Ասոնք ի՞նչ ընելու կու գան. և անիկա խօսեցաւ ու ըսաւ, Ասոնք են այն եղջիւրները որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ մարդ մը չկրցաւ իր գլուխը վերցնել. ուստի ասոնք եկան որպէս զի զանոնք վախցնեն, ու Յուդայի երկրին վրայ` զանիկա ցրուելու համար եղջիւր վերցնող ազգերուն եղջիւրները վար ձգեն: