Զաքարիա մարգարեյի գիրք

10

Աստուած ազատութիւն կը խոստանայ

1Վերջին անձրևին ժամանակը Տէրոջմէ անձրև խնդրեցէք. Տէրը փայլակներ պիտի ընէ, Եւ անոնց առատ անձրև պիտի տայ, Ու ամէն մէկուն ագարակին խոտը: 2Քանզի թերափիմները ունայնութիւն խօսեցան, Ու գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսան, Եւ սուտ երազներ զրուցեցին, Պարապ մխիթարութիւն տուին, Անոր համար հօտերու պէս չուեցին, չըլլալուն համար տագնապեցան: 3Հովիւներուն վրայ իմ բարկութիւնս բռնկեցաւ, Ու նոխազներուն այցելութիւն պիտի ընեմ. Քանզի զօրաց Տէրը իր հօտին, Յուդայի տանը, այցելութիւն ըրաւ, Եւ զանոնք իր պատերազմի մէջ հեծած գեղեցիկ ձիուն պէս պիտի ընէ: 4Անկիւնը անկէ, բևեռը անկէ*, Պատերազմի աղեղը անկէ, Ամէն զօրապետ մէկտեղ անկէ պիտի ելլէ. 5Ու այնպիսի զօրաւորներու պէս պիտի ըլլան, Որոնք պատերազմի մէջ թշնամին փողոցներուն ցեխին մէջ կը կոխեն. Ու անոնք պիտի ընեն. Քանզի Տէրը անոնց հետ է, Ու ձիերու վրայ հեծնողները պիտի ամչընան: 6Եւ Յուդայի տունը պիտի զօրացնեմ. Ու Յովսէփի տունը պիտի փրկեմ, Եւ զանոնք նորէն պիտի բնակեցնեմ, Քանզի անոնց ողորմեցայ. Ու անոնք այնպէս պիտի ըլլան, Որպէս թէ զանոնք երեսէ ձգած չէի. Քանզի անոնց Տէր Աստուածը ես եմ, Եւ անոնց պիտի լսեմ: 7Ու Եփրեմ զօրաւորի պէս պիտի ըլլայ, Եւ անոնց սիրտը ուրախ պիտի ըլլայ իբր թէ գինիով. Անոնց տղաքներն ալ պիտի տեսնեն ու պիտի ուրախանան, Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի ցնծայ: 8Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի ժողվեմ, Վասն զի զանոնք փրկեցի. Ու անոնք պիտի շատնան` ինչպէս որ շատ էին: 9Թէև զանոնք ժողովուրդներու մէջ ցանեմ, Սակայն հեռաւոր տեղեր զիս պիտի յիշեն, Եւ իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին ու ետ պիտի դառնան: 10Եւ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն պիտի դարձնեմ, Ու զանոնք Ասորեստանէ պիտի ժողվեմ, Եւ զանոնք Գաղաադու երկիրը Ու Լիբանան պիտի բերեմ, Եւ անոնց համար բաւական տեղ պիտի չգտնուի: 11Ու ծովէն նեղութեամբ պիտի անցնի, Եւ ծովուն ալիքները պիտի զարնէ. Ու գետին բոլոր խորութիւնները պիտի ցամքին, Եւ Ասորեստանի հպարտութիւնը պիտի իջնէ. Ու Եգիպտոսի գաւազանը պիտի վերցուի: 12Եւ զանոնք Տէրոջմով պիտի զօրացնեմ, Ու անոր անունովը պիտի պտըտին, կ’ըսէ Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981