Զաքարիա մարգարեյի գիրք
11
Բռնապետներուն անկումը
1Դռներդ բաց, ով Լիբանան Ու կրակը քու եղևիններդ ուտէ: 2Մայր ծառը թող ողբայ, Քանզի եղևինը ինկաւ, Վասն զի ազնուականները կողոպտուեցան. Բասանու կաղնիները թող ողբան, Քանզի անմատչելի անտառը կտրուեցաւ: 3Հովիւներուն ողբալու ձայնը կը լսուի, Քանզի անոնց փառքը յափշտակուեցաւ. Առոյգ առիւծներու մռնչելուն ձայնը կը լսուի, Քանզի Յորդանանու շքեղութիւնը յափըշտակուեցաւ:
Երկու հովիւները
4Իմ Տէր Աստուածս այսպէս կ’ըսէ. Մորթուելու ոչխարները արածէ, 5Զանոնք` որ ծախու առնողները կը մորթեն Ու յանցաւոր չեն սեպուիր. Եւ զանոնք ծախողները կ’ըսեն, Տէրը օրհնեալ ըլլայ որ հարստացայ. Ու անոնց հովիւները անոնց վրայ գութ չունին: 6Քանզի ես մէյմըն ալ երկրի բնակիչներուն պիտի չգթամ, կ’ըսէ Տէրը, Մանաւանդ` ահա ես ամէն մարդը իր ընկերին ձեռքը Ու իր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ. Ու երկիրը պիտի զարնեն, Եւ անոնց ձեռքէն պիտի չփրկեմ: 7Ու մորթուելու ոչխարները, Այո, հօտին խեղճերը, արածեցի: Ու ինծի երկու գաւազան առի, Մէկուն անունը Գեղեցկութիւն, Ու միւսին անունը Կապեր դրի, Եւ ոչխարները արածեցի: 8Ու մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ կոտրեցի, Քանզի հոգիս անոնց նեղացաւ, Եւ անոնց հոգին ալ ինծմէ զզուեցաւ: 9Ու ըսի, Ձեզ պիտի չհովուեմ. Մեռնողը թող մեռնի, Ու կոտրուողը թող կոտրուի, Եւ մնացածները թող իրարու միս ուտեն: 10Ու Գեղեցկութիւն կոչուած գաւազանս առի և զանիկա կոտրեցի, Որպէս զի բոլոր ժողովուրդներուն հետ ըրած ուխտս աւրեմ: 11Ու նոյն օրը աւրեցաւ, Եւ ինծի սպասող հօտին խեղճերը Հաստատ գիտցան որ ասիկա Տէրոջը խօսքն է: 12Ու անոնց ըսի, Եթէ ձեր աչքերուն հաճոյ կ’երևնայ, իմ վարձքս տուէք, Ապա թէ ոչ` զանց ըրէք. Ու իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին: 13Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Զանիկա բրուտին նետէ. Ասիկա վայելուչ գին մըն է, Զոր անոնք ինծի համար կտրեցին. Ու երեսուն արծաթը առի, Եւ զանիկա Տէրոջը տունը բրուտին նետեցի: 14Ետքը Կապեր կոչուած միւս գաւազանս կոտրեցի, Որպէս զի Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ եղող եղբայրութիւնը աւրեմ: 15Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Քեզի նորէն յիմար հովիւի գործիքներ առ. 16Քանզի ահա ես երկրի վրայ հովիւ մը պիտի հանեմ. Անիկա կորսուելու վրայ եղողներուն այցելութիւն պիտի չընէ, Ցրուածը պիտի չփնտռէ, Եւ կոտրածը պիտի չբժշկէ, Ու ողջը պիտի չսնուցանէ, Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէ, Ու անոնց կճղակները պիտի խորտակէ: 17Վա՜յ ունայնութեան հովուին, որ ոչխարները կը թողու. Անոր բազուկին վրայ ու աջ աչքին վրայ սուր պիտի ըլլայ. Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայ, Ու աջ աչքը բոլորովին պիտի խաւարի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981