Զաքարիա մարգարեյի գիրք

13

1Այն օրը Դաւիթի տանը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն Բացուած աղբիւր մը պիտի ըլլայ Մեղքի համար ու պղծութեան համար: 2Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, Ու մէյմըն ալ պիտի չյիշուին. Եւ անոնց մարգարէները ու պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի վերցնեմ: 3Ու պիտի ըլլայ որ երբ մարդ մը անկէ ետև մարգարէութիւն ընէ, Զանիկա ծնանող հայրը ու մայրը անոր պիտի ըսեն, Չապրիս, քանզի Տէրոջը անունովը սուտ խօսեցար. Եւ անոր մարգարէութիւն ըրած ատենը` Զանիկա ծնանող հայրը ու մայրը զանիկա պիտի խոցեն: 4Ու պիտի ըլլայ որ այն օրը մարգարէները Մարգարէութիւն ըրած ատեննին պիտի ամչնան, ամէն մէկը իր տեսիլքէն, Ու խաբելու համար մազոտ վերարկու պիտի չհագնին: 5Ու անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ, Ես չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ. Քանզի իմ մանկութենէս ի վեր զիս ստացան իբրև *: 6Եւ անոր պիտի ըսուի, Ձեռքերուդ մէջ այս վէրքերը ի՞նչ են. Ու անիկա պիտի ըսէ, Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են: 7Արթնցիր, ով սուր, իմ Հովիւիս վրայ, Ու իմ ընկերս եղող մարդուն վրայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը. Հովիւը զարկ, ու ոչխարները ցրուին, Ու իմ ձեռքս պզտիկներուն վրայ դարձնեմ:

Հրաման Աստուծոյ հովիւը սպաննելու

8Եւ պիտի ըլլայ բոլոր երկրին մէջ, կ’ըսէ Տէրը, Որ երկու մասը պիտի կտրուի ու պիտի մեռնի, Ու երրորդ մասը պիտի մնայ անոր մէջ: 9Եւ այն երրորդ մասը կրակէ պիտի անցնեմ, Ու զանոնք պիտի զտեմ` ինչպէս արծաթը կը զտուի, Եւ զանոնք պիտի փորձեմ` ինչպէս ոսկին կը փորձուի. Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն, Ու ես անոնց պատասխան պիտի տամ. Ես պիտի ըսեմ թէ Անիկա իմ ժողովուրդս է. Անոնք ալ, Տէրը իմ Աստուածս է պիտի ըսեն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)