Զաքարիա մարգարեյի գիրք
14
Երուսաղէմ և ազգերը
1Ահա Տէրոջը օրը կու գայ, Եւ քու աւարդ քու մէջդ պիտի բաժնուի: 2Քանզի բոլոր ազգերը պատերազմի համար Երուսաղէմի վրայ պիտի ժողվեմ Եւ քաղաքը պիտի առնուի, Ու տուները պիտի կողոպտուին, Եւ կիները պիտի պղծուին, Ու քաղաքին կէսը գերութեան պիտի ելլէ, Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չկտրի: 3Եւ Տէրը պիտի ելլէ, Ու այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի, Ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ: 4Եւ այն օրը անոր ոտքերը Ձիթենեաց լեռանը վրայ պիտի կայնին, Որ Երուսաղէմի առջև է դէպ ի արևելք. Ու Ձիթենեաց լեռը դէպ ի արևելք ու դէպ ի արևմուտք կէսէն պիտի պատռուի, Ու խիստ մեծ ձոր պիտի ըլլայ. Ու լեռանը կէսը դէպ ի հիւսիս, Ու կէսը դէպ ի հարաւ պիտի քաշուի: 5Եւ դուք լեռներուն ձորը պիտի փախչիք, Քանզի լեռներուն ձորը մինչև Ասալ պիտի հասնի. Ու պիտի փախչիք` ինչպէս գետնաշարժէն փախաք Յուդայի թագաւորին Ոզիայի օրերը. Եւ իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ, Բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան: 6Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը Լոյսը պայծառ կամ աղօտ պիտի չըլլայ*: 7Ու անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը, Ոչ ցորեկ ու ոչ գիշեր պիտի ըլլայ, Սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ: 8Եւ այն օրը Երուսաղէմէ կենդանի ջուրեր պիտի ելլեն, Կէսը դէպ ի արևելեան ծովը Ու կէսը դէպ ի արևմտեան ծովը. Ամառ ու ձմեռ այնպէս պիտի ըլլայ: 9Եւ Տէրը բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ. Այն օրը Տէրը մէկ, ու անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ: 10Բոլոր երկիրը դաշտ պիտի դառնայ Գաբայէ մինչև Ռեմօն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը, Ու պիտի բարձրանայ ու իր տեղը պիտի բնակուի Բենիամինի դռնէն մինչև Առաջին դրանը տեղը, մինչև Անկեանց դուռը, Ու Անանայէլի աշտարակէն մինչև թագաւորին հնձանները: 11Եւ հոն պիտի բնակին, ու հոն մէյմըն ալ նզովք պիտի չըլլայ. Ու Երուսաղէմ ապահովութեամբ պիտի բնակուի: 12Եւ այս պիտի ըլլայ այն հարուածը Որով Տէրը պիտի զարնէ ամէն ժողովուրդները, Որոնք Երուսաղէմի դէմ պատերազմեցան. Ոտքի վրայ կայնած ատեննին անոնց մարմինը պիտի հալի, Ու անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի հալին, Եւ անոնց լեզուն անոնց բերնին մէջ պիտի հալի: 13Ու պիտի ըլլայ որ այն օրը անոնց մէջ Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէ, Ու ամէն մէկը իր ընկերին ձեռքը պիտի բռնէ, Ու անոր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցուի: 14Եւ Յուդա ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պատերազմի. Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն ստացուածքը, Ոսկի ու արծաթ ու հանդերձներ, մեծ առատութեամբ հոն պիտի ժողվուին: 15Եւ ձիուն, ջորիին, ուղտին ու իշուն Եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն հարուածը Նոյն հարուածին պէս պիտի ըլլայ: 16Ու Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերէն ամէն մնացորդը Այն ատեն տարիէ տարի Թագաւորին, զօրաց Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու Եւ տաղաւարահարաց տօնը կատարելու պիտի ելլեն: 17Ու երկրի ազգատոհմներէն ով որ Երուսաղէմ չելլէ Թագաւորին, զօրաց Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու, Անոր վրայ անձրև պիտի չըլլայ: 18Եւ եթէ Եգիպտացւոց ազգատոհմը չելլէ ու չգայ, (Որոնք անձրև չունին,) Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը Որոնք տաղաւարահարաց տօնը կատարելու չեն ելլեր: 19Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պատիժը, Եւ տաղաւարահարաց տօնը կատարելու չելլող բոլոր ազգերուն պատիժը: 20Այն օրը ձիերուն սանձի զարդերուն վրայ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ պիտի ըլլայ. Ու Տէրոջը տանը մէջի կաթսաները Սեղանին առջևի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան: 21Ու Երուսաղէմի մէջ և Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ Զօրաց Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլայ. Եւ ամէն զոհ ընողները պիտի գան, Ու անոնցմէ պիտի առնեն, ու անոնց մէջ պիտի եփեն. Եւ այն օրը մէյմըն ալ զօրաց Տէրոջը տանը մէջ Քանանացի պիտի չըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981