Զաքարիա մարգարեյի գիրք

2

Չափելու լարին տեսիլքը

1Եւ աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, և ահա մարդ մը` որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան կար: 2Ու ըսի, Դուն ո՞ւր կ’երթաս. ու ինծի ըսաւ, Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը որչափ` ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը տեսնեմ: 3Եւ ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը ելաւ, ու անոր դիմաց ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ. 4Ու անոր ըսաւ, Վազէ, այս երիտասարդին խօսէ ու ըսէ, առանց պարսպի պիտի բնակուի Մարդու և անասունի բազմութեանը համար` որոնք անոր մէջ պիտի ըլլան: 5Եւ ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ. կ’ըսէ Տէրը, Ու անոր մէջ փառքի համար պիտի ըլլամ:

Աքսորականները տուն դառնալ կը հրաւիրուին

6Աղէ, աղէ, հիւսիսի երկրէն փախէք, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի ձեզ երկինքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի, կ’ըսէ Տէրը: 7Աղէ, քեզ ազատէ, ով , Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս: 8Քանզի զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Փառքի ետևէն զիս ձեզ կողոպտող ազգերուն ղրկեց, Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի: 9Վասն զի ահա ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ, Ու անոնք իրենց ծառաներուն աւար պիտի ըլլան, Ու պիտի գիտնաք որ զօրաց Տէրը զիս ղրկեր է: 10Ցնծա և ուրախացիր, ով Սիօնի աղջիկ, Քանզի ահա ես կու գամ Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ, կ’ըսէ Տէրը: 11Եւ այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին, Ու ինծի պիտի ըլլան. Եւ ես քու մէջդ պիտի բնակիմ, Ու պիտի գիտնաս որ զօրաց Տէրը զիս քեզի ղրկեր է: 12Եւ Տէրը իր բաժինը Յուդան Սուրբ երկրին մէջ ժառանգութիւն պիտի առնէ, Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ: 13Տէրոջը առջև լուռ կեցիր, ով բոլոր մարմին, Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981