Զաքարիա մարգարեյի գիրք

8

Աստուած Երուսաղէմը վերականգնել կը խոստանայ

1Դարձեալ զօրաց Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, 2Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Սիօնի համար խիստ մեծ նախանձով նախանձեցայ, ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ: 3Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Սիօնի դարձած եմ, ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ, ու Ճշմարտութեան , և զօրաց Տէրոջը լեռը Սուրբ լեռ պիտի կոչուի: 4Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը ցուպ պիտի ըլլայ օրերու շատութենէն. 5Եւ քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան: 6Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երևնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երևնայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 7Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա իմ ժողովուրդս արևելեան երկրէն ու արևմըտեան երկրէն պիտի փրկեմ. 8Եւ զանոնք պիտի բերեմ, ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակին. և անոնք ինծի պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց պիտի ըլլամ: 9Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ով դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրաց Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան: 10Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար, ու անասունի համար վարձք չկար. և նեղութեան պատճառաւ` ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդը իր ընկերին դէմ ոտք հաներ էի: 11Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին` առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 12Քանզի հունտը խաղաղութիւն պիտի գտնէ, որթը իր պտուղը պիտի տայ, ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ, ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ. և այս ամէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ: 13Ու պիտի ըլլայ որ ինչպէս դուք ազգերու մէջ եղաք, ով Յուդայի տունը ու Իսրայէլի տունը, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ, ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք. մի վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան: 14Քանզի զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ըրի, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, ու չզղջացի, 15Այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ըրի. մի վախնաք: 16Ձեր ընելու բաները ասոնք են. Ճշմարտութիւն խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ և խաղաղութեամբ տեսէք. 17Ու ձեզմէ մէ՛կը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն չմտածէ, և սուտ երդումը մի սիրէք. վասն զի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ, կ’ըսէ Տէրը: 18Դարձեալ զօրաց Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 19Չորրորդ ամսուն ծոմը, ու հինգերորդին ծոմը, ու եօթներորդին ծոմը, և տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն և ուրախութիւն ու խնդալից պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնը ու խաղաղութիւնը սիրեցէք: 20Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան. 21Ու մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն, Եկէք Տէրոջը առջև ընելու և զօրաց Տէրը փնտռելու երթանք. ես ալ պիտի երթամ: 22Ու շատ ժողովուրդներ և զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրաց Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջև աղօթք ընելու պիտի գան: 23Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այն օրերը ազգերուն ամէն լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն` այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն, ու ըսեն, Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք որ Աստուած ձեզի հետ է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)