Զաքարիա մարգարեյի գիրք
9
Դրացի ազգերու դատաստանը
1Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը խօսքին պատգամն է, Ու Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի. (Քանզի Տէրոջը աչքը մարդու Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի.) 2Ու Եմաթ ալ անոր սահմանակիցն է, Նաև Տիւրոս ու Սիդոն` թէև շատ իմաստուն են: 3Եւ Տիւրոս իրեն ամրոց շինեց. Ու արծաթը հողի պէս Եւ զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց: 4Ահա Տէրը զանիկա պիտի քշէ, Եւ ծովուն մէջ անոր ունեցած զօրութիւնը պիտի զարնէ, Ու անիկա կրակով պիտի սպառի: 5Ասկաղոն պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ, Գազա ալ` ու մեծապէս պիտի տագնապի: Ակկարոն ալ` քանզի իր յոյսը պարապ պիտի ելլէ*. Եւ Գազայէ թագաւորը պիտի կորսուի, Ու Ասկաղոն պիտի չբնակուի. 6Եւ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի, Ու Փղշտացւոց հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ. 7Եւ անոնց արիւնը իրենց բերնէն, Ու անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմ. Ու մնացորդը` անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ, Եւ Յուդայի մէջ հազարապետի պէս Ու Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ: 8Եւ անցնող ու դարձող զօրքին պատճառաւ Իմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ, Ու մէյմըն ալ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի, Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ:
Ապագայ թագաւորը
9Մեծապէս ուրախացիր, ով Սիօնի աղջիկ, Ցնծութեամբ աղաղակէ, ով Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու փրկիչ է, Հեզ է, ու իշու վրայ հեծած, Եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ: 10Ու Եփրեմէ կառքը, Ու Երուսաղէմէ ձին պիտի ջնջեմ, Ու պատերազմին աղեղը պիտի կոտրի. Եւ անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի խօսի. Ու անոր իշխանութիւնը ծովէ մինչև ծով, Ու Գետէն մինչև երկրի ծայրերը պիտի ըլլայ:
Աստուծոյ ժողովուրդին վերահաստատումը
11Եւ քեզի զայս ըրի, քու ուխտիդ արիւնովը Քու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի: 12Ամրոցը դարձէք, ով յուսոյ գերիներ, Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ Որ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ. 13Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ, Ու Եփրեմը նետի պէս պիտի դնեմ*, Եւ քու որդիներդ, ով Սիօն, Յունաց որդիներուն վրայ պիտի յարուցանեմ. Ու քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ: 14Եւ Տէրը անոնց վրայ պիտի երևնայ, Ու անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ. Եւ Տէր Եհովա փող պիտի հնչեցնէ, Ու հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ: 15Զօրաց Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ. Եւ անոնք բնաջինջ պիտի ընեն, Ու պարսաքարերու վրայ* պիտի կոխեն, Եւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակեն. Ու անոնք տաշտի պէս, Սեղանին անկիւններուն պէս, պիտի լեցուին: 16Եւ այն օրը անոնց Տէր Աստուածը Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ, Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի բարձրանան: 17Քանզի անոր բարութիւնը ու գեղեցկութիւնը ի՛նչ մեծ է. Ցորենը երիտասարդները` ու քաղցուն կոյսերը պիտի մեծցնէ: