Սոփոնիա մարգարեյի գիրք

1

1Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդւոյն Ամարիայի որդւոյն Գոդողիայի որդւոյն Քուսիի որդւոյն Սոփոնիայի եղաւ` Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդւոյն Յովսիայի օրերը:

Տէրոջը դատաստանին օրը

2Երկրի երեսէն ամէն բանը բոլորովին պիտի կորսնցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 3Մարդը ու անասունը պիտի կորսընցընեմ, Երկինքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ, Ու երկրի երեսէն մարդը պիտի կտրեմ, կ’ըսէ Տէրը: 4Եւ իմ ձեռքս Յուդայի վրայ Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. Ու այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղի մնացորդը, Քուրմերուն անունը` քահանաներուն հետ, 5Եւ տանիքներու վրայ երկինքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները, Ու երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով ընողները, Եւ Մեղքոմով երդում ընողները, 6Ու Տէրոջմէ ետ դարձողները, ու Տէրը չփնտռողները Եւ զանիկա չխնդրողները: 7Տէր Եհովայի առջև լուռ կեցիր, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Քանզի Տէրը պատրաստեց, իր կոչնականները հրաւիրեց: 8Եւ պիտի ըլլայ որ Տէրոջը զոհին օրը Իշխանները ու թագաւորին տղաքները Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ: 9Եւ այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցաթկողները, Իրենց տերոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները, պիտի պատժեմ: 10Ու պիտի ըլլայ որ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ձկանց դռնէն աղաղակի ձայն, Եւ Մասենայէ հեծութիւն, Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ, 11Ողբացէք, ով Մաքթէսի բնակիչներ, Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, Բոլոր արծաթ բերողները կոտրեցան: 12Ու պիտի ըլլայ որ այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ, Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն, Տէրը ոչ բարիք պիտի ընէ և ոչ չարիք: 13Եւ անոնց ստացուածքը աւար Ու անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան. Եւ տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, Ու այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն: 14Տէրոջը մեծ օրը մօտ է, Մօտ է, ու խիստ կ’արտորայ. Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ: 15Այն օրը բարկութեան օր է. Նեղութեան ու տառապանքի օր, Կործանումի ու աւերումի օր, Խաւարի ու մէգի օր, Ամպի ու մառախուղի օր է. 16Պարսպաւոր քաղաքներու դէմ Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է: 17Ու մարդիկը նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, Եւ կոյրերու պէս պիտի պտըտին, Քանզի Տէրոջը դէմ գործեցին. Ու անոնց արիւնը փոշիի պէս Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին: 18Տէրոջը բարկութեան օրը Անոնց արծաթը ու ոսկին անգամ Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան. Հապա բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)