Սոփոնիա մարգարեյի գիրք

2

Ապաշխարութեան յորդոր մը

1Քննեցէք ձեր անձերը, քննեցէք*, Ով չամչցող ազգ, 2Դեռ նախասահմանութիւնը չծնած, Օրը մղեղի պէս չանցած, Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չեկած: 3Տէրը փնտռեցէք, ով երկրի բոլոր խոնարհները, Դուք որ անոր իրաւունքը ի գործ կը դնէք, Արդարութիւն փնտռեցէք, խոնարհութիւն փնտռեցէք, Թերևս Տէրոջը բարկութեան օրը պահուիք:

Իսրայէլին շուրջի ազգերուն դատավճիռը

4Քանզի Գազա պիտի թողուի, Ասկաղոն ամայի պիտի ըլլայ. Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտեն, Եւ Ակկարոն արմատէն պիտի խլուի: 5Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներուն ազգին. Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է, ով ՓղÁշտացւոց երկիրը Քանան. Քեզ ալ պիտի աւրեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս: 6Եւ ծովեզերքը հովիւներու բնակարաններ ու աւազաններ* Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլայ: 7Եւ ծովեզերքը Յուդայի տանը մնացորդին պիտի ըլլայ, Հոն պիտի արածին. Իրիկունը Ասկաղոնի տուներուն մէջ պիտի պառկին, Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ, Եւ անոնց գերութիւնը պիտի դարձնէ: 8Մովաբի նախատինքը Ու Ամմոնի որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին, Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան: 9Անոր համար Իսրայէլի Աստուածը, զօրաց Տէրը, այսպէս կ’ըսէ. Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմի պէս Ու Ամմոնի որդիները Գոմորի պէս Եղինճներու կալուածք և աղի հանք Ու յաւիտեան ամայութիւն պիտի ըլլայ. Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ, Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն: 10Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար իրենց պիտի ըլլայ, Քանզի անոնք զօրաց Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին, Ու անոր դէմ հպարտացան: 11Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ, Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ, Եւ ազգաց բոլոր կղզիները, Ամէն մէկը իր տեղէն, երկրպագութիւն պիտի ընեն անոր: 12Դուք ալ, ով Եթէովպացիք: Իմ սրովս պիտի սպաննուիք: 13Եւ անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ, Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ. Եւ Նինուէն աւերակի Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի դարձնէ, 14Եւ անոր մէջ հօտեր, Ազգաց բոլոր գազանները, պիտի պառկին. Հաւալուսը ու ոզնին ալ Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցնեն. Պատուհաններէն ձայն պիտի հնչուի, Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, Քանզի եղևնափայտը պիտի քակուի: 15Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր. Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ Ես եմ ու ինծմէ ուրիշ չկայ. Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու խշտի եղաւ. Անկէ ամէն անցնողը պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981