Սոփոնիա մարգարեյի գիրք
3
Երուսաղէմին մեղքը և փրկութիւնը
1Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին, Հարստահարութիւն ընող քաղաքին: 2Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց, Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ: 3Անոր իշխանները անոր մէջ մռնչող առիւծներ են, Անոր դատաւորները երեկոյեան գայլեր են, Որոնք մինչև առտու բան մը չեն թողուր: 4Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են, Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին Ու օրէնքը բռնադատեցին: 5Արդար Տէրը անոր մէջ է, Անիկա անօրէնութիւն չգործեր. Առտուէ առտու իր իրաւունքը ի լոյս կը հանէ ու ետ չմնար, Բայց անիրաւը ամչնալ չգիտեր: 6Ազգերը բնաջինջ ըրի, Անոնց աշտարակները կործանեցան. Անոնց փողոցները աւրեցի, Այնպէս որ անոնցմէ անցնող չըլլայ. Անոնց քաղաքները ամայացան, Անմարդ ու անբնակ եղան: 7Ըսի որ Դուն անշուշտ ինծմէ պիտի վախնաս Ու խրատ պիտի ընդունիս. Եւ անոր բնակարանը բնաջինջ չըլլայ, Որչափ որ զանիկա պատժեմ. Սակայն անոնք կանուխ ելան, Ու իրենց բոլոր գործերը ապականեցին: 8Ուրեմն ինծի սպասեցէք, կ’ըսէ Տէրը, Մինչև այն օրը որ որսի համար ոտք ելլեմ, Քանզի իմ վճիռս ազգերը ժողվել, Թագաւորութիւնները գումարել է, Որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, Իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս, թափեմ. Քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի: 9Վասն զի այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները Մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, Որպէս զի ամէնը Տէրոջը անունը կանչեն, Ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն: 10Եթէովպիայի գետերուն անդիի կողմէն Իմ աղօթքներս, իմ ցրուածներուս աղջիկը, Իմ ընծաս պիտի բերեն: 11Այն օրը պիտի չամչնաս քու բոլոր գործերէդ, Որոնցմով ինծի դէմ յանցանք ըրիր Քանզի այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մեջէդ պիտի վերցնեմ, Ու մէյմըն ալ իմ սուրբ լեռանս վրայ գոռոզութիւն պիտի չընես: 12Եւ քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ` մնացորդ պիտի թողում, Ու Տէրոջը անուանը պիտի յուսան: 13Իսրայէլի մնացորդը անօրէնութիւն պիտի չընեն, Ու սուտ պիտի չխօսին, Եւ անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. Քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին. Ու վախցնող պիտի չըլլայ:
Ցնծութեան երգ մը
14Ցնծա, ով Սիօնի աղջիկ Բարձրաձայն աղաղակէ, ով Իսրայէլ, Բոլոր սրտով ուրախ և զուարթ եղիր, Ով Երուսաղէմի աղջիկ: 15Տէրը քու դատաստաններդ վերցուց, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի Թագաւորը, Տէրը, քու մէջդ է, Մէյմըն ալ չարիք պիտի չտեսնես: 16Այն օրը Երուսաղէմի պիտի ըսուի, Մի վախնար, Ու Սիօնի` Ձեռքերդ չթուլնան: 17Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Անիկա քեզ պիտի փրկէ. Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ, Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ, Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ: 18Հանդիսաւոր տօներու համար տÁրտմածները պիտի ժողվեմ, Որոնք քեզմէ էին, Ու անոնց վրայ նախատինքը բեռ էր: 19Ահա ես այն ժամանակ քու բոլոր նեղիչներդ պիտի սպառեմ, Եւ կաղը պիտի ազատեմ, ու վռնտուածը պիտի ժողվեմ. Եւ զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ` ուր նախատինք կրեր էին: 20Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, Եւ այն ատեն ձեզ պիտի ժողվեմ. Վասն զի երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջև ետ դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը: