Առաջին Մնացորդաց գիրք

15

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ՓՈԽԱԴՐԵԼՈՒ

1 իրեն համար Դաւիթի քաղաքին մէջ տուներ շինեց ու Աստուծոյ տապանակին համար տեղ մը պատրաստեց եւ անոր համար վրան մը կանգնեցուց։ 2Այն ատեն Դաւիթ ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը վերցնել ուրիշ մէկուն օրինաւոր չէ, բայց միայն Ղեւտացիներուն. քանզի Տէրը զանոնք ընտրեց, որ Աստուծոյ տապանակը վերցնեն ու յաւիտեան անոր ծառայութիւն ընեն»։ 3Դաւիթ բոլոր Իսրայէլը Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը տապանակը անոր համար պատրաստուած տեղը հանէ։ 4Դաւիթ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց. 5Կահաթի որդիներէն Ուրիէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր քսան . 6Մերարիին որդիներէն Ասայիա իշխանն ու անոր եղբայրները՝ երկու հարիւր քսան հոգի. 7Գերսոնին որդիներէն Յովէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր երեսուն հոգի. 8Եղիսափանին որդիներէն Սեմայիա իշխանն ու անոր եղբայրները՝ երկու հարիւր հոգի. 9Քեբրոնին որդիներէն Եղիէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ ութսուն հոգի. 10Ոզիէլին որդիներէն Ամինադաբ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր տասնըերկու հոգի։ 11Դաւիթ՝ Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները ու Ղեւտացիներէն Ուրիէլը, Ասայիան, Յովէլը, Սեմայիան, Եղիէլն ու Ամինադաբը կանչեց 12Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխաններն էք. ուստի դուք ու ձեր եղբայրները սրբուեցէք, որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանէք այն տեղը, որ ես անոր համար պատրաստեր եմ։ 13Վասն զի դուք առաջին անգամին հոն չգտնուելնուդ համար, մեր Տէր Աստուածը մեզ հարուածեց, քանզի զանիկա կանոնաւոր կերպով չկարգադրեցինք»։ 14Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանելու համար քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան։ 15Ղեւտացիներու որդիները Աստուծոյ տապանակը ձողերովը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին, ինչպէս պատուիրեր էր Տէրոջը խօսքին համեմատ։ 16Դաւիթ Ղեւտացիներուն իշխաններուն պատուիրեց, որ իրենց եղբայրներէն՝ նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով երգողներ կեցնեն, որպէս զի ուրախութեան ձայներ հնչեցնեն։ 17Ուստի Ղեւտացիները Յովէլին որդին Եմանը եւ անոր եղբայրներէն Բարաքիային որդին Ասափը ու անոնց եղբայրներէն Մերարիին որդիներէն Կիսիային որդին Եթանը կեցուցին։ 18Անոնց հետ երկրորդ դասէն, անոնց եղբայրները, դռնապանները, Զաքարիան, Բենը, Յազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Բանիան, Մաասիան, Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը։ 19Արդ՝ երգողներէն Եման, Ասափն ու Եթան պղնձէ ծնծղաներ կը զարնէին։ 20Եւ Զաքարիան, Ազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Մաասիան ու Բանիան տաւիղներով Ալամօթի եղանակին վրայ էին։ 21Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմը, Յէիէլն ու Ազազիան քնարներով Շէմինիթի եղանակով կ’առաջնորդէին։ 22Քոնոնիան Ղեւտացիներուն երգեցողութեան առաջնորդը՝ զանոնք երգելու կը վարժեցնէր, որովհետեւ հանճարեղ էր։ 23Բարաքիան ու Եղկանան տապանակին դռնապաններն էին։ 24Եւ Սաբանիա ու Յովսափատ եւ Նաթանայէլ ու Ամեսայի եւ Զաքարիա ու Բանիա ու Եղիազար քահանաները, Աստուծոյ տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին եւ Աբդեդօմն ու Յէիան տապանակին դռնապաններն էին։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ

25Այսպէս Դաւիթ եւ Իսրայէլի ծերերն ու հազարապետները Տէրոջը ուխտին տապանակը Աբդեդօմի տունէն ուրախութեամբ հանելու գացին։ 26Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն օգնութիւն ըրաւ, եօթը զուարակ ու եօթը խոյ ըրին։ 27Դաւիթ բեհեզէ պատմուճան հագեր էր. նոյնպէս ալ տապանակը վերցնող բոլոր Ղեւտացիներն ու երգողներուն իշխանը Քոնոնիան։ Դաւիթին վրայ քթանէ եփուտ կար։ 28Բոլոր Տէրոջը ուխտին տապանակը ուրախութեան աղաղակով, շեփորի ձայնով, փողերով ու ծնծղաներով, տաւիղներ ու քնարներ զարնելով վեր կը հանէին։ 29Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը մինչեւ Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ ու Դաւիթ թագաւորին կաքաւելն ու խաղալը տեսնելով՝ զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994