Առաջին Թագավորաց գիրք

16

ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՕԾՈՒԻ

1Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես, որովհետեւ ես զանիկա մերժեցի, որպէս զի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղով լեցուր ու եկուր քեզ Բեթլեհեմացի Յեսսէին ղրկեմ. քանզի անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր ընտրեցի»։ 2 ըսաւ. «Ի՞նչպէս երթամ. եթէ լսէ, զիս կը մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեզի հետ երինջ մը առ ու ըսէ թէ Տէրոջը ընելու եկայ 3Եւ Յեսսէն զոհին հրաւիրէ ու քու ընելու բանդ ես քեզի պիտի հասկցնեմ եւ թագաւոր պիտի օծես այն մարդը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ»։ 4Սամուէլ Տէրոջը ըսածը ըրաւ ու Բեթլեհէմ գնաց։ Քաղաքին ծերերը դողալով զանիկա դիմաւորեցին ու ըսին. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ 5Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ. Տէրոջը զոհ ընելու եկայ։ Սրբուեցէ՛ք ու ինծի հետ զոհի եկէ՛ք»։ Եւ Յեսսէն ու անոր որդիները սրբել տուաւ եւ զանոնք զոհի հրաւիրեց։ 6Երբ անոնք եկան, Եղիաբը տեսնելով ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։ 7Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ 8Յեսսէ Աբինադաբը կանչեց ու զանիկա Սամուէլին առջեւէն անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ 9Յեսսէ Սամաան անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ 10Երբ Յեսսէ Սամուէլին առջեւէն իր եօթը որդիները անցուց, Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տէրը ասոնցմէ ոչ մէկը ընտրեց»։ 11Եւ Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տղաքներդ ա՞յդչափ են»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ամենէն պզտիկը մնաց։ Ահա անիկա ոչխարները կ’արածէ»։ Ու Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Մարդ ղրկէ ու զանիկա բերել տուր. քանզի մինչեւ որ անիկա հոս չգայ, մենք պիտի չնստինք»։ 12Ուստի մարդ ղրկեց ու զանիկա բերել տուաւ։ Անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։ 13Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ։ Սամուէլ ելաւ Ռամա գնաց։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

14Տէրոջը Հոգին Սաւուղէն հեռացաւ ու Տէրոջը կողմանէ չար մը անոր նեղութիւն կու տար 15Եւ Սաւուղին ծառաները անոր ըսին. «Ահա Աստուծոյ կողմանէ չար ոգի մը քեզի նեղութիւն կու տայ. 16Մեր տէրը իր առջեւ եղող ծառաներուն թող ըսէ, որ աղէկ քնարահար մը փնտռեն, որպէս զի երբ Աստուծոյ կողմանէ այն չար ոգին քու վրադ գայ, անիկա իր ձեռքով քնարը զարնէ ու դուն հանգստանաս»։ 17Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Հիմա ինծի աղէկ քնարահար մը գտէ՛ք ու զանիկա ինծի բերէ՛ք»։ 18Ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա Բեթլեհեմացի Յեսսէին մէկ տղան տեսայ, որ քնար զարնել գիտէ ու անիկա զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մըն է եւ Տէրը անոր հետ է»։ 19Սաւուղ Յեսսէին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ոչխարներուն քով գտնուող տղադ՝ Դաւիթը՝ ինծի ղրկէ»։ 20Եւ Յեսսէ քանի մը , տիկ մը ու այծերէն ուլ մը առնելով՝ իշու վրայ բեռցուց ու զանոնք իր տղուն Դաւիթին ձեռքով Սաւուղին ղրկեց։ 21 Սաւուղին եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ Սաւուղ զանիկա շատ սիրեց ու Դաւիթ անոր կապարճակիրը եղաւ։ 22Սաւուղ Յեսսէին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Դաւիթ թող իմ քովս կենայ, քանզի անիկա իմ առջեւս շնորհք գտաւ»։ 23Երբ Աստուծմէ չար ոգին Սաւուղին վրայ գար, Դաւիթ քնարը կ’առնէր ու իր ձեռքով կը զարնէր եւ Սաւուղ կը հանգստանար ու կը զուարճանար եւ չար ոգին անոր վրայէն կ’երթար։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994