Առաջին Թագավորաց գիրք

28

1Այն օրերը Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Իմացի՛ր, դուն քու մարդոցմովդ ինծի հետ բանակը պիտի ելլես»։ 2 Անքուսին ըսաւ. «Լա՛ւ, ծառայիդ ընելիք գործը պիտի տեսնես»։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Անոր համար քեզ միշտ իմ թիկնապահս պիտի ընեմ»։

ՍԱՒՈՒՂ ՎՀՈՒԿԻ ՄԸ ՀԵՏ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻ

3 մեռած էր եւ բոլոր անոր համար սուգ ըրեր էին ու զանիկա իր քաղաքին, Ռամայի մէջ թաղեր էին։ ալ վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն վերցուցեր էր։ 4Երբ Փղշտացիները հաւաքուեցան ու եկան Սունամի մէջ բանակեցան, Սաւուղ ալ բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց ու Գեղբուէի մէջ բանակեցան։ 5Սաւուղ Փղշտացիներուն բանակը տեսնելով՝ վախցաւ ու սիրտը շատ դողաց։ 6Սաւուղ Տէրոջը հարցուց, բայց Տէրը թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ՛ մարգարէներով անոր պատասխան չտուաւ։ 7Այն ատեն Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ինծի վհուկ մը գտէք, որպէս երթամ անոր հարցնեմ»։ Ծառաները անոր ըսին. «Ահա Ենդովրի մէջ վհուկ կին մը կայ»։ 8Սաւուղ իր հանդերձները փոխելով՝ ուրիշ հանդերձներ հագաւ եւ իրեն հետ երկու մարդ առաւ ու գիշերով այն կնոջ քով գնաց։ Սաւուղ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ոգիով մը գուշակէ եւ բե՛ր այն մարդը, որուն անունը պիտի տամ»։ 9Կինը անոր ըսաւ. «Ահա դուն Սաւուղին ըրածը գիտես, թէ ի՞նչպէս անիկա վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն բնաջինջ ըրաւ, ուրեմն ինչո՞ւ զիս մեռցնելու համար իմ անձիս որոգայթ կը լարես»։ 10Սաւուղ Տէրոջմով ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այս բանէն քեզի վնաս մը պիտի չպատահի»։ 11Այն ատեն կինը ըսաւ. «Ո՞վ կ’ուզես, որ հանեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Սամուէլը հանէ ինծի»։ 12Կինը Սամուէլը տեսնելով՝ մեծ ձայնով մը պոռաց ու Սաւուղին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս խաբեցիր. քանզի դուն Սաւուղն ես»։ 13Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար. բայց ի՞նչ տեսար»։ Կինը Սաւուղին ըսաւ. «Գետնէն ելլող մը տեսայ»։ 14Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Անոր կերպարանքը ի՞նչպէս է»։ Կինը ըսաւ. «Ահա ծեր մարդ մը կ’ելլէ, որ վերարկու մը հագած է»։ Սաւուղ հասկցաւ թէ անիկա Սամուէլն է, ուստի երեսը գետինը ծռելով՝ անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ 15Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար ինծի նեղութիւն տուիր ու զիս վեր հանեցիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Ես մեծ նեղութեան մէջ եմ, որովհետեւ Փղշտացիները ինծի հետ կ’ընեն ու Աստուած ինձմէ հեռացաւ եւ ինծի թէ՛ մարգարէներու միջոցով եւ թէ՛ երազներով պատասխան չտուաւ. անոր համար քեզ կանչեցի, որ ինծի իմացնես թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ»։ 16Սամուէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ինծի կը հարցնես, հիմա որ Տէրը քեզմէ հեռացաւ ու քեզի եղաւ 17Եւ Տէրը իմ ըսածիս պէս ըրաւ ու քու ձեռքէդ թագաւորութիւնը պատռեց եւ զանիկա քու ընկերիդ Դաւիթին տուաւ, 18Քանզի դուն Տէրոջը խօսքին մտիկ չըրիր ու Ամաղէկի վրայ անոր սաստիկ բարկութիւնը չգործադրեցիր։ Անոր համար այսօր Տէրը քեզի այս բանը ըրաւ։ 19Տէրը քեզի հետ Իսրայէլն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ ու վաղը դուն ու քու որդիներդ իմ քովս պիտի ըլլաք։ Տէրը Իսրայէլի բանակն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ»։ 20Այն ատեն Սաւուղ յանկարծ գետին ինկաւ ու գետնի վրայ փռուեցաւ եւ Սամուէլին խօսքերէն շատ վախցաւ։ Ա՛լ ամենեւին վրան ոյժ չմնաց, քանզի բոլոր օրն ու բոլոր գիշերը կերած չէր։ 21Կինը Սաւուղին քով գնաց ու անոր չափազանց սոսկումը տեսնելով՝ անոր ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ քու խօսքիդ մտիկ ըրաւ եւ իմ հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով՝ ինծի ըսած խօսքերուդ հնազանդութիւն ըրի։ 22Հիմա, կ’աղաչեմ, դուն ալ, քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ ու քու առջեւդ պատառ մը հաց դնեմ, կեր, որպէս զի ոյժ առնես, քանզի ճամբայ պիտի երթաս»։ 23Բայց անիկա չուզեց ու «Չեմ ուտեր», ըսաւ, սակայն երբ իր ծառաները ու կինն ալ զանիկա բռնադատեցին, անոնց խօսքին մտիկ ըրաւ ու գետնէն ելլելով անկողնին վրայ նստաւ։ 24Կինը իր տանը մէջ պարարտ հորթ մը ունէր. շուտով զանիկա մորթեց ու ալիւր առաւ շաղեց եւ անով եփեց։ 25Սաւուղին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ դրաւ։ Անոնք ալ կերան ու նոյն գիշերը գացին։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994