Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

15

ԱՍԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1Ովդեդի որդիին Ազարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ 2Եւ Ասային առջեւ ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ Ասա ու բոլոր Յուդա ու Բենիամին, ինծի մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։ 3 երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի ու առանց օրէնքի մնացեր էր. 4Բայց իրենց նեղութեանը մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ դարձան ու զանիկա փնտռելով գտան։ 5Այն ատենները ելլողին ու մտնողին ապահովութիւն չկար. քանզի երկիրներուն բոլոր բնակիչներուն մէջ շատ խռովութիւններ կային։ 6Ազգ ազգի հետ ու քաղաքի հետ կը զարնուէր. վասն զի ամէն նեղութիւններով զարհուրեցուց զանոնք։ 7Եւ հիմա դուք զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնան. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ»։ 8Ասա այս խօսքերն ու Ովդեդ մարգարէին մարգարէութիւնները լսելով՝ զօրացաւ եւ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր երկրէն ու Եփրեմի լեռնէն իր քաղաքներէն պղծութիւնները վերցուց ու Տէրոջը տաճարին սրահին առջեւը եղող սեղանը նորոգեց։ 9Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Եփրեմէն եւ Մանասէէն ու Շմաւոնէն անոնց քով գտնուած պանդուխտները հաւաքեց. քանզի Իսրայէլէն շատ մարդիկ անոր կողմը անցան, տեսնելով որ անոր Տէր Աստուածը անոր հետն է։ 10Անոնք Ասային թագաւորութեանը տասնըհինգերորդ տարիին երրորդ ամսուն Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան 11Ու այն օրը իրենց բերած աւարէն Տէրոջը ըրին, եօթը հարիւր արջառ ու եօթը հազար ոչխար 12Եւ ուխտ ըրին, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով փնտռեն 13Եւ ով որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը չփնտռէ, թէ՛ պզտիկ եւ թէ՛ մեծ, թէ՛ այր եւ թէ՛ ըլլայ՝ պիտի մեռցուի։ 14Մեծ ձայնով եւ ցնծութեան աղաղակով ու փողերով ու շեփորներով Տէրոջը ըրին։ 15Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք։ 16Ասա թագաւորը իր մայրը՝ Մաաքան ալ տիկնութենէ հանեց, վասն զի անիկա Աստարովթի շիներ էր։ Ասա անոր կուռքն ալ կոտրտեց ու փշրեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։ 17Բայց բարձր տեղերը Իսրայէլէն չվերցուեցան. սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ուղիղ էր։ 18Իր հօրն ու իր նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները, Աստուծոյ տունը տարաւ։ 19Մինչեւ Ասային թագաւորութեան երեսունըհինգերորդ տարին չեղաւ։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)