Բ Թեսաղոնիկեցիս
2
ՉԱՐԵՐԸ
1Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին ու մեր անոր քով հաւաքուելուն համար, 2Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։ 3Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին, 4Այն հակառակորդը հպարտացած ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի, մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինք ցուցնէ իբր աստուած։ 5Չէ՞ք յիշեր թէ երբ ձեր քով էի, այս բաները կ’ըսէի ձեզի։ 6Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։ 7Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։ 8Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։ 9Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով 10Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, 11անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան. 122։11 Որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրէնութեան յօժարեցան։
ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԷՔ
132։12 Բայց մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած սկիզբէն ձեզ ընտրեց փրկուելու՝ Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը. 142։13 Որուն ձեզ կանչեց մեր աւետարանելովը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին փառքը ստանալու համար։ 152։14 Ուստի, եղբա՛յրներ, հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթովը։ 162։15 Եւ ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, 172։16 Ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։