Գործք Առաքելոց

7

ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ

1Այն ատեն քահանայապետը ըսաւ. «Իրաւցնէ այդ բաները այդպէ՞ս են»։ 2Եւ անիկա ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. Փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ, քանի որ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած եւ ըսաւ անոր. 3‘Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։ 4Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ եւ անոր հօրը մեռնելէն յետոյ անկէ փոխադրեց զանիկա այս երկիրը, ուր դուք հիմա կը բնակիք։ 5Ասոր մէջ անոր ժառանգութիւն չտուաւ, ոչ ալ ոտքի քայլ մը տեղ, բայց խոստացաւ որ ասիկա իրեն տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդի չունէր։ 6 այսպէս խօսեցաւ. ‘Քու սերունդդ օտար երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայեցնեն զանիկա եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի։ 7Այն ազգը, որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ’, ըսաւ Աստուած ‘եւ անկէ յետոյ պիտի ելլեն ու այստեղ զիս պիտի պաշտեն’։ 8Անոր թլփատութեան ուխտը տուաւ ու ետքը Իսահակը ծնաւ։ Թլփատեց զանիկա ութերորդ օրը։ ալ Յակոբը ծնաւ, Յակոբն ալ՝ տասներկու նահապետները։ 9Եւ նահապետները Յովսէփին նախանձելով՝ տարուելու ծախեցին. բայց Աստուած անոր հետ էր 10Ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն, անոր շնորհք ու իմաստութիւն տուաւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ։ Ան ալ զանիկա դրաւ Եգիպտոսին ու իր բոլոր տանը վրայ։ 11Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի բոլոր երկրին վրայ սով մը տիրեց ու մեծ նեղութիւն, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։ 12Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ մեր հայրերը ղրկեց։ 13Երկրորդ անգամ Յովսէփ իր եղբայրներուն ճանչցուց ինքզինք ու Յովսէփին ազգը Փարաւոնին յայտնի եղաւ։ 14Յովսէփ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը Յակոբը ու բոլոր ազգատոհմը, եօթանասունըհինգ ։ 15Յակոբ Եգիպտոս գնաց, ուր մեռան ինք ու մեր հայրերը։ 16Սիւքէմ տարուելով՝ այն գերեզմանին մէջ դրուեցան, որ Աբրահամ արծաթով ծախու առեր էր Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն։ 17Երբ մօտեցաւ խոստումին ատենը, որ Աստուած երդումով խոստացեր էր Աբրահամին, ժողովուրդը աճեցաւ ու շատցաւ Եգիպտոսի մէջ 18Մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ 19Անիկա միջոցներ բանեցուց մեր ազգին դէմ ու չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց տղաքը դուրս ձգել տալով, որպէս զի չապրին։ 20Այն ժամանակ Մովսէսը ծնաւ, որ Աստուծոյ առջեւ գեղեցիկ էր եւ իր հօրը տունը մեծցաւ երեք ամիս։ 21Երբ անիկա դուրս ձգուեցաւ, Փարաւոնին աղջիկը զանիկա վերցուց եւ իբրեւ իր որդին մեծցուց։ 22 Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ եւ զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը։ 23Ու երբ քառասուն տարեկան եղաւ, իր սիրտը ուզեց իր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն այցելել։ 24Իսրայելացիներէն մէկը հարստահարուած տեսնելով՝ պաշտպանեց եւ զրկուածին վրէժը առաւ՝ Եգիպտացին սպաննելով։ 25Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի իմանային թէ Աստուած իր ձեռքով իրենց ազատութիւն պիտի տար. բայց անոնք չիմացան։ 26Հետեւեալ օրը երկու Իսրայելացիներու դէմ ելաւ, որոնք կը կռուէին։ Խաղաղութիւն հաստատել ուզելով՝ ըսաւ. ‘Մարդի՛կ, դուք եղբայրներ էք, ինչո՞ւ մէկզմէկ կը զրկէք’։ 27Բայց ան որ ընկերը կը զրկէր, մէկդի քշեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. 28Զի՞ս ալ սպաննել կ’ուզես, ինչպէս երէկ Եգիպտացին սպաննեցիր’։ 29Մովսէս այս խօսքին վրայ փախաւ ու Մադիամի երկրին մէջ պանդուխտ եղաւ, ուր երկու որդի ծնաւ։ 30Քառասուն տարի անցնելէն յետոյ Սինա լերանը անապատին մէջ Տէրոջը հրեշտակը երեւցաւ անոր մորենիի կրակի բոցով։ 31Մովսէսն ալ երբ տեսաւ, զարմացաւ այն տեսիլքին վրայ ու երբ մօտեցաւ զննելու, Տէրոջը ձայնը եկաւ անոր, որ կ’ըսէր. 32‘Ես եմ քու հայրերուդ Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը’։ Մովսէսն ալ վախէն դողալով՝ չէր համարձակեր նայիլ։ 33Եւ Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ոտքերուդ կօշիկները հանէ՛, վասն զի այդ տեղը, ուր դուն կայներ ես՝ սուրբ է։ 34Յիրաւի Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ու լսեցի անոնց հառաչանքը եւ իջայ զանոնք ազատելու. եւ հիմա եկո՛ւր քեզ Եգիպտոս ղրկեմ’։ 35Այն Մովսէսը որ մերժեցին ու կ’ըսէին. ‘Ո՞վ քեզ իշխան ու դատաւոր դրաւ’, Աստուած զանիկա իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին ձեռքով, որ մորենիին մէջ անոր երեւցաւ։ 36Անիկա հանեց զանոնք, հրաշքներ ու նշաններ ընելով Եգիպտոսի երկրին ու Կարմիր ծովուն մէջ եւ անապատին մէջ քառասուն տարի։ 37Այս Մովսէսն է, որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մը պիտի հանէ ձեզի, անոր մտիկ ըրէք’։ 38Ասիկա ան է որ անապատը ժողովին մէջ էր՝ Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին ու մեր հայրերուն հետ, որ կենդանի պատգամներ առաւ մեզի տալու. 39Որուն մեր հայրերը չուզեցին հնազանդիլ, հապա մերժեցին եւ իրենց սրտերովը Եգիպտոս դարձան 40Եւ ըսին Ահարոնին. ‘Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի այն Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ 41Այն օրերը հորթ մը շինեցին ու անոր մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքերուն գործերովը կը զուարճանային։ 42Աստուած ալ երես դարձուց ու թողուց զանոնք որ երկնքի աստղերը պաշտեն. ինչպէս գրուած է մարգարէներուն գրքին մէջ. ‘Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի զոհեր ու պատարա՞գ մատուցանեցիք ինծի, ո՛վ Իսրայէլի ։ 43Մողոքին վրանը առիք ու ձեր աստուծոյն աստղը, այն պատկերները որոնք շինեցիք անոնց երկրպագութիւն ընելու։ Ես ալ ձեզ Բաբելոնէն անդին պիտի փոխադրեմ’։ 44Վկայութեան խորանը անապատին մէջ մեր հայրերուն հետ էր, ինչպէս Մովսէսին հետ խօսողը հրաման ըրաւ, որ տեսած օրինակին պէս շինէ զանիկա. 45Որ մեր հայրերն ալ յաջորդաբար առնելով՝ Յեսուին հետ բերին զանիկա այն ազգերուն կալուածը, որոնք Աստուած վռնտեց մեր հայրերուն առջեւէն՝ մինչեւ Դաւիթին օրերը, 46Որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց որ Յակոբին Աստուծոյն բնակարան մը շինէ։ 47Բայց շինեց տունը։ 48Սակայն Բարձրեալը ձեռքով շինուած տաճարներու մէջ չի բնակիր, ինչպէս մարգարէն կ’ըսէ. 49‘Երկինք իմ աթոռս է ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. որպիսի՞ տուն պիտի շինէք ինծի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստութեանս տեղը. 50Չէ՞ որ այս ամէնքը իմ ձեռքս շիներ է’։ 51Ո՛վ խստապարանոցներ ու սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք։ 52Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը ու չսպաննեցին զանոնք, որ նախապէս պատմեցին այն Արդարին գալուն համար, որը դուք հիմա մատնեցիք եւ սպաննեցիք. 53Դուք որ օրէնքը առիք հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը ու չպահեցիք»։

ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ՔԱՐԿՈԾՈՒԻԼԸ

54Անոնք այս բաները լսելով՝ սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին։ 55Բայց անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը կայներ էր 567։55 եւ ըսաւ. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»։ 577։56 Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակելով՝ ականջնին գոցեցին եւ ամէնքը մէկէն վազեցին անոր վրայ. 587։57 Ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զանիկա եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ Սօղոս կ’ըսուէր։ 597։58 Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ կ’ընէր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»։ 607։59 Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց». այս ըսելով ննջեց։ 8։1 Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)