Ովսէէ մարգարեյի գիրք

12

ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ

112։2 Եփրեմ հով կը ճարակէ ու արեւելեան հովին ետեւէն կը վազէ. Ամէն օր ստութիւնն ու յափշտակութիւնը կը շատցնէ. Դաշնակցութիւն կ’ընէ Ասորեստանի հետ Ու իւղ կը տանի ։ 212։3 Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի Ու Յակոբը՝ անոր ճամբաներուն համեմատ՝ պիտի պատժէ Ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր։ 312։4 Անիկա արգանդին մէջ իր եղբօրը գարշապարէն բռնեց Եւ իր ուժովը Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։ 412։5 Հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ ու յաղթեց, Լացաւ եւ անկէ շնորհք խնդրեց։ Բեթէլի մէջ Աստուծոյ հանդիպեցաւ, հոն անոր խօսեցաւ, 512։6 Այսինքն զօրքերու Տէր Աստուածը, Որուն անունը Եհովա է։

ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼ ԽՕՍՔԵՐ

612։7 «Ուրեմն դուն քու Աստուծոյդ օգնութեամբ դարձիր, Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ Ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա»։ 712։8 Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, Անիկա հարստահարելը կը սիրէ։ 812։9 Ու Եփրեմ ըսաւ. «Իրաւցնէ հարստացայ, Ինծի ստացուածք գտայ, Իմ վաստակներուս համար Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս, որ ըլլայ»։ 912։10 Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն քու Տէր Աստուածդ եմ։ Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերու պէս։ 1012։11 Եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ, Տեսիլքները շատցուցի, Մարգարէներուն միջոցով առակներ գործածեցի։ 1112։12 Արդարեւ եթէ Գաղաադ անօրէն է, անպայման պիտի ոչնչանայ. Եթէ Գաղգաղայի մէջ արջառներ զոհեցին, Անոնց սեղաններն անգամ արտի ակօսներուն քով եղող քարակոյտերու պէս պիտի ըլլան։ 1212։13 Եւ Յակոբ Ասորիներու երկրէն փախաւ Ու կնոջ համար ծառայութիւն ըրաւ Ու կնոջ համար եղաւ։ 1312։14 Տէրը մէկ մարգարէով Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը Ու անիկա մէկ մարգարէով պահպանուեցաւ։ 1412։15 Եփրեմ դառնութեամբ Աստուած բարկացուց. Անոր համար իր արիւնը իր վրայ պիտի քսուի Ու Տէրը անոր նախատինքը անոր պիտի հատուցանէ։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994