Եսայիա մարգարեյի գիրք

64

1Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր, Քու ներկայութենէդ լեռները հալէին։ 2Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս, Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս, Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր Ու ազգերը քու երեսէդ դողային 3Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար, Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները հալեցան։ 4Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ մը, Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։ 5Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ’ընեն Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։ Ահա բարկացար, վասն զի գործեցինք Եւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։ 6Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանք Ու մեր բոլոր արդար գործերը լաթի պէս են։ Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինք Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։ 7Քու անունդ կանչող չկայ, Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ, Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։ 8Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։ 9Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։ Ահա նայէ՛, կ’աղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։ 10Սուրբ քաղաքներդ եղան, անապատ եղաւ, աւերակ եղաւ։ 11Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը, Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին, Հրոյ ճարակ եղաւ։ Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։ 12Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր, Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994