Հեսույի գիրք

19

ՇՄԱՒՈՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

1Երկրորդ վիճակը Շմաւոնին ելաւ։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին իրենց տոհմերուն համեմատ ու անոնց ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն ժառանգութեան մէջտեղը եղաւ։ 2Իրենց ժառանգութեան մէջ այս քաղաքները ունեցան. Բերսաբէէ, (Սաբէէ,) Մօլադա, 3Ասերսուաղ, Բաղա, Ասէմ, 4Էլթուղադ, Բաթուլ, Հօրմա, 5Սիկելակ, Բեթմարքաբովթ, Ասերսուսա, 6Բեթլաբաւովթ եւ Սարուհէն. տասներեք ու անոնց գիւղերը։ 7Ային, Ռեմօն, Եթեր եւ Ասան. չորս քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 8Եւ այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը՝ մինչեւ Բաաղեթ–Բէեր ու հարաւային Ռաման։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ 9Շմաւոնին որդիներուն ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն բաժինէն եղաւ, քանզի Յուդային որդիներուն բաժինը շատ էր իրենց. անոր համար Շմաւոնին որդիները անոնց ժառանգութեանը մէջ ժառանգութիւն առին։

ԶԱԲՈՒՂՈՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

10Երրորդ վիճակը Զաբուղոնին որդիներուն ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց ժառանգութեանը սահմանը մինչեւ Սարիդ եղաւ 11Ու անոնց սահմանը դէպի ծովը ու Մարաղա կ’ելլէ եւ Դաբասէթ կը հասնի ու Յեկնամին դէմ եղող ձորը կը հասնի 12Եւ Սարիդէն դէպի արեւելեան կողմը՝ Քասղովթ–Թաբօրին սահմանը կը դառնայ ու Դաբարաթէն ելլելով՝ վեր Յափիէ կ’ելլէ 13Եւ անկէ դէպի արեւելք անցնելով Գեթքոփեր եւ Իթագասին կ’անցնի ու Ռեմօն–Մեթօար եւ Նուա կ’ելլէ. 14Ետքը այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Ենաթօն կը պտըտի ու Յեփթայէլի ձորին մէջ կը վերջանայ 15Եւ Կատտաթ ու Նաաղօլ եւ Սամրօն ու Յադելա եւ Բեթլեհէմ. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 16Զաբուղոնին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԻՍԱՔԱՐԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

17Չորրորդ վիճակը Իսաքարին ելաւ։ Իսաքարին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ 18Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յեզրայէլ ու Քասելովթ եւ Սունամ, 19Ու Ափերէմ եւ Սիան ու Անարէթ 20Եւ Ռաբբիթ ու Կէսիօն ու Աբէս 21Եւ Ռամաթ ու Ենգանիմ եւ Ենքադդա ու Բեթփասես 22Եւ այս սահմանը , Սասիմա ու Բեթսամիւս կը հասնի ու անոնց սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ. տասնըվեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 23Իսաքարին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԱՍԵՐԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

24Հինգերորդ վիճակը Ասերին որդիներուն ցեղին ելաւ՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։ 25Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Քեղկաթ ու Աղի եւ Բետէն ու Աքսափ 26Եւ Ալամելէք ու Ամադ եւ Մասաղ ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Կարմեղոս եւ Սիօր–Լեբնաթ կը հասնի։ 27Արեւելեան կողմէն դէպի Բեթդագոն կը դառնայ ու հիւսիսային կողմէն Զաբուղոն, Յեփթայէլի ձորը, Բեթամէկ ու Նէիէլ կը հասնի եւ ձախ կողմէն Քաբօղ կ’ելլէ 28Ու Եբրոն եւ Րոոբ ու Համմօն եւ Կանա, մինչեւ մեծ Սիդոն. 29Ետքը այս սահմանը Ռամա կը դառնայ մինչեւ Տիւրոս ամուր քաղաքը եւ այս սահմանը Ուսա դառնալով ծովուն մէջ՝ Աքեզիբին վիճակին մէջ կը վերջանայ 30Ու Ամմա եւ Ափէկ ու Րոոբ. քսաներկու քաղաքներ ու անոնց գիւղերը։ 31Ասերին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ՆԵՓԹԱՂԻՄԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

32Վեցերորդ վիճակը Նեփթաղիմին որդիներուն ելաւ, այսինքն Նեփթաղիմին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ։ 33Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Հելեփէն ու Ալօնէն մինչեւ Սանանիմ ու Ադամի–Նագեբ եւ Յաբնէլ մինչեւ Լակում ու սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ։ 34Եւ այս սահմանը արեւմտեան կողմէն Ազանօթ–Թաբօր կը դառնայ ու անկէ Հուկօկ կ’ելլէ եւ հարաւային կողմէն մինչեւ Զաբուղոն կը հասնի ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Ասեր եւ արեւելեան կողմէն մինչեւ Յուդա ու Յորդանան կը հասնի։ 35Եւ պարսպապատ քաղաքները՝ Ասեդիմ, Սէր, Ամաթ, Ռեկկաթ, 36Քեներեթ, Ադամա, Ռամա, Հասոր, 37Կադէս, Եդրայի, Ենհասոր, Յարօն, 38Մակդաղիէլ, Հարէմ, Բեթանաթ ու Բեթսամիւս. տասնըինը քաղաք եւ անոնց գիւղերն են։ 39Նեփթաղիմին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԴԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

40Եօթներորդ վիճակը Դանին որդիներուն ցեղին ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ 41Եւ անոնց ժառանգութեան սահմանը ասիկա եղաւ՝ Սարաա ու Եսթաւուղ եւ Իրսամէս 42Ու Սաղաբին եւ Այեղոն ու Յեթլա 43Եւ Ելօն ու Թամնաթա եւ Ակկարոն 44Ու Ելթեկէ եւ Գաբաթոն ու Բաալօթ 45Ու Եհուդ եւ Բանէ–Բարակ ու Գեթրեմօն 46Եւ Մէարկօն ու Ռակկոն, Յոպպէի դիմացը եղած սահմանովը մէկտեղ։ 47Եւ Դանին որդիներուն սահմանը իրենց պզտիկ եկաւ. ուստի Դանին որդիները ոտքի ելան ու Լէսէմի հետ պատերազմեցան եւ զանիկա առնելէ ետքը սուրի բերնէ անցուցին ու զանիկա ժառանգելով անոր մէջ բնակեցան եւ Լէսէմը իրենց հօրը Դանի անունով Դան կոչեցին։ 48Դանին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԵՐԿՐԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ

49Ու երկիրը իր սահմաններովը բաժնելը լմնցնելէն ետքը, Իսրայէլի որդիները Նաւեան Յեսուին իրենց մէջ ժառանգութիւն տուին. 50Տէրոջը հրամանով անոր ուզած քաղաքը, Թամնաթ–Սարան, իրեն տուին Եփրեմի լերանը վրայ ու անիկա քաղաքը շինեց եւ անոր մէջ բնակեցաւ։ 51Ասոնք են այն ժառանգութիւնները, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսուն ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետները Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ, վկայութեան խորանին դրանը քով, վիճակով բաժնեցին ու լմնցուցին։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994