Թվոց գիրք

12

ՄԱՐԻԱՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

1Մարիամ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ անոր Եթովպիացի կնոջը համար, քանզի անիկա Եթովպիացի առեր էր 2Ու ըսին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Տէրը լսեց։ 3 շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։ 4Իսկոյն Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու Մարիամին. «Դուք երեքդ ալ վկայութեան խորանը ելէ՛ք»։ Երեքն ալ ելան։ 5Եւ Տէրը ամպին սիւնովը իջաւ ու խորանին դուռը կեցաւ եւ Ահարոնն ու Մարիամը կանչեց։ Անոնք երկուքն ալ ելան։ 6Եւ Տէրը ըսաւ անոնց. «Հիմա իմ խօսքս լսեցէ՛ք։ Եթէ ձեզմէ մէկը ըլլայ, ես Տէրս ինքզինքս տեսիլքի մէջ կը ճանչցնեմ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։ 7Բայց իմ ծառաս Մովսէս այնպէս չէ, որ իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է. 8Անոր հետ բերնէ բերան, յայտնապէս կը խօսիմ եւ ոչ թէ առակով ու անիկա Տէրոջը կերպարանքը կը տեսնէ. ուստի իմ ծառայիս Մովսէսին դէմ խօսելու ինչո՞ւ չվախցաք»։ 9Եւ Տէրոջը բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ ու Ինք գնաց։ 10Եւ ամպը հեռացաւ վկայութեան խորանէն ու ահա Մարիամ ձիւնի պէս բորոտ եղաւ։ Ահարոն Մարիամին նայեցաւ եւ ահա անիկա բորոտ էր։ 11Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, մեզ մի՛ պատժեր մեր ըրած յիմարութեանը համար։ գործեցինք։ 12Մարիամը թող չնմանի այն մեռած տղուն, որ իր մօրը արգանդէն ելած ատենը անոր մարմնին կէսը սպառուած է»։ 13Մովսէս աղաչեց Տէրոջը՝ ըսելով. «Կը խնդրեմ քեզմէ, ո՛վ , բժշկէ՛ զանիկա»։ 14Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Եթէ անոր հայրը միայն անոր երեսը թքնելու ըլլար, եօթը օր պիտի չամչնա՞ր. թող անիկա եօթը օր բանակէն դուրս գոցուած պահուի ու անկէ յետոյ ընդունուի»։ 15Մարիամ բանակէն դուրս եօթը օր գոցուած մնաց ու ժողովուրդը չչուեց մինչեւ Մարիամին ընդունուիլը։ 1613։1 Անկէ յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն չուեցին ու Փառանի անապատը իջեւան ըրին։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994