Սաղմոսներ

110

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

1Սաղմոս Դաւիթի 1 Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։ 2Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։ 3Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն Աւելի պիտի ըլլան քեզի։ 4Տէրը ըրաւ ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։ 5Տէրը քու աջ կողմդ է, Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։ 6Անիկա հեթանոսներուն մէջ պիտի ընէ, Մեռելներով պիտի լեցնէ, Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։ 7Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ. Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)