Սաղմոսներ
120
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1Աստիճաններուն երգը 1 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։ 2Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն Ու նենգաւոր լեզուէն։ 3Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի. 4Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը Ու գիհիին կայծերը։ 5Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։ 6Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։ 7Ես խաղաղասէր էի. Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։