Սաղմոսներ

123

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

1Աստիճաններուն երգը 1 Քեզի կը բարձրացնեմ իմ աչքերս, Ով երկնքի մէջ Բնակող։ 2Ահա ինչպէս ծառաներուն աչքերը իրենց տիրոջը ձեռքին կը նային Ու ինչպէս աղախինին աչքերը՝ իր տիկնոջ ձեռքին, Այնպէս ալ մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ պիտի նային, Մինչեւ մեզի ողորմի։ 3Ողորմէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի, Վասն զի խիստ լեցուեցանք անարգանքով։ 4Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը Ու ամբարտաւաններուն անարգանքովը։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)