Սաղմոսներ

125

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

1Աստիճաններուն երգը 1 Տէրոջը յուսացողները լերանը պէս են, Որ չի սասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։ 2Ինչպէս լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ 3Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։ 4Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն։ 5Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994