Սաղմոսներ
131
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
1Դաւիթին աստիճաններուն երգը 1 Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։ Ես մեծամեծ բաներու մէջ Եւ ինձմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։ 2Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։ 3Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։