Սաղմոսներ

132

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

1Աստիճաններուն երգը 1 Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները, 2Որ ըրաւ Տէրոջը Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին, 3Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելլեմ։ 4Իմ աչքերուս՝ Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ, 5Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։ 6Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։ 7«Մտնենք անոր բնակարանները Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։ 8Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր, Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։ 9Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին Եւ քու սուրբերդ ցնծան։ 10Քու ծառայիդ սիրոյն Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։ 11Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ Ու ետ չի դառնար անկէ. «Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։ 12Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ, Այն ատեն անոնց որդիներն ալ Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։ 13Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց, 14Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։ Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։ 15Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ 16Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։ 17Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։ 18Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994