Սաղմոսներ

133

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ

1Դաւիթին աստիճաններուն երգը 1 Ահա ո՜րչափ ու ո՜րչափ վայելուչ է Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։ 2Այն ազնիւ իւղին պէս է, Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։ 3Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)