Սաղմոսներ
134
1Աստիճաններուն երգը 1 Աղէ՜, օրհնեցէ՛ք Տէրը, ով Տէրոջ բոլոր ծառաներ, Որ Տէրոջ տունը կը կենաք գիշերները։ 2Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէ՛ք Ու օրհնեցէ՛ք Տէրը։ 3Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը Թող օրհնէ քեզ Սիօնէն։