Սաղմոսներ

14

ՄԱՐԴՈՑ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

1Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը 1 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ « չկայ»։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ 2Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։ 3Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։ 4Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները, Որոնք ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Տէրոջը չեն կանչեր. 5Այն ատեն շատ վախցան. Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։ 6Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք, Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։ 7Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը. Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու ուրախ պիտի ըլլայ։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994