Սաղմոսներ

142

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

1Դաւիթին երգն ու աղօթքը՝ երբ ինք այրին մէջ էր 1 Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։ 2Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։ 3Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։ 4Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Ապաւէնը ինձմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։ 5Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։ 6Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ։ Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինձմէ զօրաւոր են։ 7Իմ անձս բանտէն հանէ՛, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։ Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես»։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)