Սաղմոսներ

23

ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԸ

1Սաղմոս Դաւիթի 1 Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ 2Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։ 3Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։ 4Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։ 5 կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։ 6Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)