Սաղմոսներ
58
ԱՂՕԹՔ ՉԱՐԸ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը 1 Իրաւցնէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք, Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։ 2Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք, Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։ 3Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան, Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։ 4Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է, Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները, 5Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը, Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։ 6Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։ Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։ 7Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին. Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։ 8Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի, Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։ 9Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ, Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։ 10Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ. Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։ 11Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցնէ արդարին համար վարձք կայ. Իրաւցնէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։
Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994