Սաղմոսներ

8

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

1Սաղմոս Դաւիթի 1 Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։ 2Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։ 3Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, 4Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես։ 5Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա. 6Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ դրիր զանիկա. Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր. 7Բոլոր ոչխարները ու արջառները, Նաեւ վայրենի անասունները, 8Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։ 9Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994