Սաղմոսներ

87

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ

1Կորխի որդիներուն Սաղմոսն ու երգը 1 Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։ 2Տէրը Սիօնի դռները Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կը սիրէ։ 3Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար, Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։) 4Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ, Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ. Ասոնք ալ հոն ծնան։ 5Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ «Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ» Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։ 6Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ. «Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։) 7Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն. «Իմ բոլոր աղբիւրներս քու Մէջդ են»։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994