Երգ Երգոց

6

ԿԻՆԵՐԸ

1Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց, Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը։ Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ, Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք։ 2Իմ սիրականս իր պարտէզը՝ Համեմներու ածուները իջաւ, Որպէս զի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ Ու շուշաններ հաւաքէ։ 3Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ իմ սիրականս իմս է. Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԳ

ՄԱՐԴԸ

4Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս. Երուսաղէմի պէս հաճելի ես Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։ 5Աչքերդ ինձմէ դարձուր, Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին։ Մազերդ Գաղաադ պառկող այծերուն հօտին պէս են։ 6Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներու հօտին կը նմանին, Որոնք երկուորեակ կը ծնանին ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։ 7Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։ 8Թագուհիները՝ վաթսուն ու հարճերը՝ ութսուն Եւ օրիորդները անթիւ են։ 9Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, մէկ է, Իր մօրը մէկ հատիկը, Զինք ծնանողին ընտրեալն է։ Զանիկա աղջիկները տեսան Ու անոր «Երանի՜» ըսին։ Թագուհիներն ու հարճերն ալ Զանիկա գովեցին։ 10Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի, Որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու է։ 11Ընկոյզներու պարտէզը իջայ, Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը տեսնեմ Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը ծլա՞ւ։ Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն։ 12Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս։

ԿԻՆԸ

13Դարձի՛ր, դարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացիդ, Դարձի՛ր, դարձի՛ր, որպէս զի քեզ տեսնենք։ ԿԻՆԵՐԸ Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ. Իբրեւ երկու բանակներու գունդ։

Արևմտահայերեն, 1994 · HYWAB1994