Ա Կորնթացիս

10

1Եղբայրնե՛ր, չեմ ուզեր որ անգիտանաք թէ մեր հայրերը՝ բոլո՛րն ալ ամպին տակ էին, բոլո՛րն ալ ծովէն անցան, 2ու բոլո՛րն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ: 3Բոլո՛րն ալ կերան նոյն հոգեւոր կերակուրը, 4ու բոլո՛րն ալ խմեցին նոյն հոգեւոր խմելիքը, որովհետեւ կը խմէին այն հոգեւոր վէմէն՝ որ իրենց կը հետեւէր, եւ այդ վէմը՝ Քրիստոսն էր: 5Բայց անոնցմէ շատերը հաճելի չեղան Աստուծոյ, քանի որ անապատին մէջ փռուած ինկան: 6Ուրեմն այդ բաները մեզի տիպար եղան, որպէսզի չցանկանք չար բաներու, ինչպէս անոնք ցանկացին: 7Ո՛չ ալ կռապաշտ ըլլաք՝ անոնցմէ ոմանց պէս, ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու, յետոյ կանգնեցան զբօսնելու»: 8Ո՛չ ալ պոռնկինք՝ ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկեցան, ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար ինկան: 9Ո՛չ ալ փորձենք Քրիստոսը՝ ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին, եւ օձերէն ջարդուեցան: 10Ո՛չ ալ տրտնջեցէք՝ ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին, ու ջարդուեցան բնաջնջողէն: 11Իսկ այդ բոլոր բաները կը պատահէին անոնց՝ իբր տիպար, եւ գրուեցան խրատելու համար մեզ՝ որ հասած ենք դարերու վախճանին: 12Հետեւաբար ա՛ն որ կը կարծէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ՝ որ չիյնայ: 13Ձեզի պատահած չէ փորձութիւն մը՝ որ մարդկային չըլլայ. բայց հաւատարիմ է, եւ պիտի չթոյլատրէ որ փորձուիք ձեր կարողութենէն աւելի, հապա փորձութեան հետ մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարենաք կրել: 14Ուստի, սիրելինե՛րս, փախէ՛ք կռապաշտութենէն: 15Կը խօսիմ որպէս թէ իմաստուններու հետ. դո՛ւք դատեցէք ինչ որ կ՚ըսեմ: 16Օրհնութեան բաժակը՝ որ մենք կ՚օրհնենք, միթէ Քրիստոսի արիւնին հաղորդութիւնը չէ՞. հացը՝ որ մենք կը կտրենք, միթէ Քրիստոսի մարմինին հաղորդութիւնը չէ՞: 17Արդարեւ մենք՝ շատ ըլլալով՝ մէ՛կ , մէ՛կ մարմին ենք, որովհետեւ բոլորս ալ բաժնեկից ենք այդ մէկ հացին: 18Նայեցէ՛ք մարմնաւոր Իսրայէլին. անոնք որ զոհերէն կ՚ուտեն՝ զոհասեղանին հաղորդակից չե՞ն ըլլար: 19Ուրեմն ի՞նչ կ՚ըսեմ. կուռքը բա՞ն մըն է, կամ կուռքերու զոհուածը բա՞ն մըն է: 20Բայց սա՛ կ՚ըսեմ, թէ այն բաները՝ որ հեթանոսները կը զոհեն, կը զոհեն դեւերո՛ւն, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ. ուստի չեմ ուզեր որ դուք հաղորդակից ըլլաք դեւերուն: Չէք կրնար խմել Տէրոջ բաժակը ու դեւերուն բաժակը. 21չէք կրնար բաժնեկցիլ Տէրոջ սեղանին եւ դեւերու սեղանին: 22Նախանձի՞ գրգռենք Տէրը. միթէ մենք իրմէ ուժե՞ղ ենք: 23Ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ամէն բան օգտակար չէ. ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ամէն բան շինիչ չէ: 24Ո՛չ մէկը թող փնտռէ միայն իր շահը, հապա ամէն մէկը՝ ուրիշի՛նն ալ: 25Կերէ՛ք ամէն ինչ որ կը ծախուի վաճառանոցը, առանց զննելու՝ խղճմտանքի պատճառով. 26որովհետեւ «Տէրոջն է երկիրը եւ անոր լիութիւնը»: 27Եթէ անհաւատներէն մէկը ճաշի հրաւիրէ ձեզ ու տրամադիր ըլլաք երթալու, կերէ՛ք ամէն ինչ՝ որ կը հրամցուի ձեզի, առանց հարցնելու՝ խղճմտանքի պատճառով: 28Բայց եթէ մէկը ըսէ ձեզի. «Ատիկա կուռքերու զոհուած է», անո՛ր պատճառով՝ որ ցոյց տուաւ ձեզի, եւ խղճմտանքի՛ պատճառով՝ մի՛ ուտէք: 29Սակայն երբ խղճմտանք կ՚ըսեմ՝ ո՛չ թէ քուկդ է, հապա՝ ուրիշինը: Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս կը դատուի ուրիշի մը խղճմտանքէն: 30Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը բաժնեկցիմ, ինչո՞ւ հայհոյուիմ այն բանին պատճառով՝ որուն համար ես շնորհակալ կ՚ըլլամ: 31Ուրեմն՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք, եւ թէ ի՛նչ որ ընէք, ամէնը ըրէք Աստուծոյ փառքին համար: 32Մի՛ սայթաքեցնէք ո՛չ Հրեաները, ո՛չ Յոյները, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցին: 33Ինչպէս ես ալ կը հաճեցնեմ բոլորը՝ ամէն բանի մէջ, փնտռելով ո՛չ թէ իմ օգուտս, հապա՝ շատերունը, որպէսզի փրկուին:

Արևմտահայերեն ՆԿ, 1953 · HYWANT1953